Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Լուէյզիի (66-65) Եւ Վերագրաւեց Պարագլուխի Դիրքը
Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի («ֆայնըլ-էյթ») դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Սանթրալի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրը եղաւ Լուէյզիի: Մրցումը եղաւ բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ դաշտին տէրը առաջին երեք քորթըրներուն գերազանցեց իր հիւրին, սակայն վերջին քորթըրին, ՀՄԸՄ ի վերջոյ ըսաւ իր խօսքը եւ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 66-65 արդիւնքով (19-18, 37-31, 47-45 եւ 65-66): Իր...





