Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլի համաձայն, իր կազմը Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին համար իր պայքարը շարունակելու առիթը ունի:
Շաբաթ, 2 ապրիլին, Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ի ճակատումին նախօրեակին Պէյլ յայտարարեց. «Թէեւ այժմ Պարսելոնայէն տասը կէտով ետ ենք, սակայն այդ տարբերութիւնը կրնանք կրճատել 7-ի, եթէ «Նու Քամփ»-ի մէջ յաղթանակ արձանագրենք: Ոչ ոք գիտէ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ: Կը կարծեմ, որ ֆութպոլի աշխարհին մէջ ամէն բան կրնայ պատահիլ»: