
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին (ֆայնըլ-էյթ) ծիրին մէջ, երէկ գիշեր, Թատամոն յաղթեց իր հիւրին` Պիպլոսին: Յատկանշական էր, որ Թատամոն այս յաղթանակը կերտեց մրցումին վերջին երկվայրկեանին` 79-77 արդիւնքով (27-21, 40-43, 61-59 եւ 79-77):
Թատամոնի կողմէն այս յաղթանակը խլողը եղաւ Վլատան Վուքոսավիսեւիչ, որ վերջին պահուն նշանակեց իր կազմին յաղթանակի երկու կէտը:
Ան նշանակեց ընդամէնը 23 կէտ, իր խմբակիցին` Պրանքօ Սվեթքովիչի նման:
Պիպլոսէն Սթիւըն Պըրթ նշանակեց 20 կէտ, մինչ անոր խմբակից Անտրէ Սմիթ` 21 կէտ:
Այսօր, ժամը 20:30-ին, Հուփս, Միշել Մըրի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մութթահետը:


