
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը վերադարձաւ Տոհայէն (Քաթար), հոն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք աշխարհի բաժակի 9-րդ ախոյեանութեան:
Հայ մարզիկները դիմաւորուեցան ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան անդամներուն, բարեկամներու եւ մարզասէրներու կողմէ:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան թղթակիցներուն հետ ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Իսկապէս շատ գոհ եմ մեր տղոց ելոյթներէն: Տոհա մեկնելէ առաջ ունեցանք հաւաք մը, որ իր դրական անդրադարձը ունեցաւ մեր մարզիկներուն վրայ: Ասկէ մեկնելով կարելի է ըսել, որ այս արդիւնքներով կրնանք ողիմպիականի խաղերուն ընթացքին մետալներու տիրանալ»:
Իր կարգին, այս մրցաշարքին առնչութեամբ, դրական արտայայտուեցաւ նաեւ աշխարհի բաժակակիր, Ռիոյի ողիմպիականի խաղերուն տոմս ապահոված Յարութիւն Մերտինեան:


