Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ գումարեց իր ժողովը եւ տուաւ կարգ մը որոշումներ:
Այս ժողովը գլխաւորեց Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան:
Յայտարարուեցաւ, որ ակումբներուն միջեւ մարզիկներուն փոխանցման վերջին ժամկէտը 28 ապրիլ 2016-ն է:
Որոշուեցաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք 2015-էն պարտքեր ունին ֆետերասիոնին, պէտք է վճարեն անկէ չեղեալ նկատելով այդ գումարներուն վրայ դրուած բոլոր տոկոսները:
Քննարկուեցան նաեւ օրակարգի վրայ եղող տարբեր հարցեր, որոնք կը վերաբերին յառաջիկայ ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն:
Աւարտին, որոշուեցաւ, որ 2015 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունենայ հինգշաբթի, 7 ապրիլին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք):


