Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 31 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիասը հիւրը կ՛ըլլայ Շեպիպէ Շիահի:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շեպիպէ Շիահի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներէն կը սպասուի ամէն ճիգ ի գործ դնել Շիահի դաշտին վրայ յաղթանակ արձանագրելու համար, իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:
Նշենք, որ երթի մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիասը 85-44 արդիւնքով յաղթեց Շեպիպէ Շիահի: