
PROFOTO
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի («ֆայնըլ-էյթ») մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս, որ հիւրընկալեց Մութթահետը, 83-72 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (22-23, 33-48, 50-65 եւ 72-83):
Հակառակ Հուփսի կրած այս պարտութեան, անոր մարզիկներէն Անթուան Պարպուր նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը (29): Մութթահետէն Ռամել Քարի նշանակեց 22 կէտ:
Այսօր յետմիջօրէի ժամը 17:45-ին, Մանարայի դաշտին վրայ Ռիատի կը հիւրընկալէ Սաժեսը: