Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը եղաւ Շեպիպէ Շիահի, վերջինիս դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ երթին կրած էր պարտութիւն մը միայն, արձանագրեց իր 7-րդ յաղթանակը` 76-52 արդիւնքով յաղթելով դաշտին տիրոջ (9-11, 25-25,39-50 եւ 52-76):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ ունեցաւ 22 կէտ, ժամանակաւորապէս գրաւեց պարագլուխի դիրքը` սպասելով այսօր տեղի ունենալիք Ռիատի – Թատամոն մրցումին արդիւնքին:
Նշենք, որ կիրակի, 3 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ կը կատարէ դարձի իր երկրորդ մրցումը, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մութթահետը: