Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Եայա Թուրէ շատ հաւանաբար լքէ իր կազմը` նկատի ունենալով, որ ան այժմ բանակցութիւններ կ՛ունենայ շարք մը ակումբներու հետ:
«Տը Սան» կը հաղորդէ, որ 32 տարեկան Թուրէ «Փղոսկրեայ Ափունք) այս որոշումին ստիպուած եղած է յանգելու, որովհետեւ իր ակումբէն պայմանագիր երկարաձգելու առաջարկ ստացած չէ:
Թուրէի նկատմամբ ցարդ իրենց հետաքրքրութիւնը ցուցաբերած են Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն:
Նշենք, որ անգլիական ակումբին հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին: