Իտալական «Քուրիերէ տել Մեցցոճիորնօ»-ի համաձայն, նափոլիցի քաղաքական գործիչ Անթոնիօ Տել Փիանօ կ՛առաջարկէ Նափոլիի մարզադաշտը կոչել Տիեկօ Մարատոնայի անունով:
Ներկայիս, Նափոլիի Սան Փաուլօ մարզադաշտը վերանորոգման կարիքը ունի: Աշխատանքները կատարելէ ետք միայն, նպատակայարմար պիտի ըլլայ այդ անուանափոխութիւնը կատարել:
Վերոնշեալ աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ արժանթինցի Տիեկօ Մարատոնա 1984-էն 1991 մաս կազմած է Նափոլիի: