Յունիսին Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը Մոլտովայի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան:
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Բ. խմբակին, որուն մաս կը կազմէ Հայաստան, մասնակցողներուն թիւը նուազեցաւ` նկատի ունենալով այն, որ Մոնաքօ քաշուեցաւ ախոյեանութենէն:
Այսպիսով, չորսի փոխարէն Հայաստան պիտի կատարէ երեք մրցում` մրցելով Մոլտովայի, Անտորրայի եւ Կալեսի դէմ:
Առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը մասնակցի այս ախոյեանութեան: