
«Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» իտալական մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ անգլիական Լիվըրփուլի իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի, որ այժմ փոխ տրուած է Ա. Սէ. Միլանին, բաւական հետաքրքրական առաջարկ մը ստացած Է չինական Ժիանկսու Սունինկ ակումբէն:
Ըստ շրջան ընող տեղեկութիւններուն, վերոնշեալ ակումբը 25 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկած է տարեկան 15 միլիոն եւրօ աշխատավարձ մը:
Նշենք, որ Լիվըրփուլի հետ Պալոթելլիի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին:


