Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ծանր Պարտութեան Մատնեց Պիպլոսը (98-77) Եւ Մնաց Առաջին
PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ («ֆայնըլ-էյթ»), շաբաթ, 9 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ - Պիպլոս մրցումը: Նշենք, որ այս մրցումը տեղի ունեցաւ դռնփակ` առանց համակիրներու, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով: Սակայն Պիպլոսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները փաստեցին, որ նոյնիսկ եթէ իրենց համակիրները ներկայ չեն...









