Մասնակցութեամբ 25 ինքնաշարժներու, վաղը` կիրակի, 10 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի 32-րդ գարնանային ռելին, հովանաւորութեամբ` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին:
Նշենք, որ այս ռելին, որուն ընդհանուր երկարութիւնն է 328.49 քմ, կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անոր ազդանշանը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-էն, որ պիտի ըլլայ նաեւ վարորդներուն հասնելու վայրը, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին: