

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 8 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մանարայի մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Շապապ Արապիի:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 20:00-ին եւ ոչ թէ երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ինչպէս որ հրապարակուած էր նախապէս, դարձի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրին մէջ:
Նշենք, որ երթին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս յաղթած էր Շապապ Արապիի (54-49):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի այսօր եւս յաղթանակը կրկնել, այս անգամ` Մանարայի մէջ:


