
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ («ֆայնըլ-էյթ»), շաբաթ, 9 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – Պիպլոս մրցումը:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի ունեցաւ դռնփակ` առանց համակիրներու, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով:
Սակայն Պիպլոսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները փաստեցին, որ նոյնիսկ եթէ իրենց համակիրները ներկայ չեն դաշտին մէջ, իրենք կրնան յաղթանակ արձանագրել, հակառակ անոր որ Ժիպէյլեան խումբը լաւ կազմ մը ունի իր շարքերուն մէջ:
Այս մրցումին, մինչ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կը ցուցաբերէին լաւ խաղարկութիւն, անդին Պիպլոսի մարզիկները շատ յաճախ կը դիմէին բաւական բիրտ խաղարկութեան եւ դիտումնաւոր կերպով կը հարուածէին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն (առիթով մը` Նորվել Փելի, ապա` Նետիմ Սուէյտի):
Իր ստացած զօրաւոր մէկ հարուածէն ետք, երրորդ քորթըրին սկիզբները, Փել դուրս եկաւ դաշտէն եւ մրցումը չկրցաւ շարունակել:
Սակայն ՀՄԸՄ, որ մրցումը շարունակեց 2 օտարականով, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 98-77 արդիւնքով (24-20, 50-40, 76-60 եւ 98-77) եւ անշուշտ մնաց Բ. խմբակին առաջին դիրքին վրայ:
Այս մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ, որ մնայուն կերպով հանդիսացաւ տիրապետող խումբը, 22 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ (88-66):
ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 6, մինչ Պիպլոսինները` 12: ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 40 ռիպաունտ, մինչ Պիպլոս` 34:
ՀՄԸՄ 33 թրի փոյնթերէն 13-ը (39.4 տոկոս) հասցուց իրենց նպատակին, մինչ Պիպլոս` 25-էն 5-ը (20 տոկոս):
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը եւ դաշտ ներկայացած ժամանակը.
Նորվել Փել (18′ 11″, 12 կէտ, 5 ռիպաունտ), Նետիմ Սուէյտ (29′ 50″, 13 կէտ, 2 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (36′ 00″, 19 կէտ, 3 ռիպաունտ, 5 թրի փոյնթ), Ահմետ Իպրահիմ (33′ 47″, 8 կէտ, 4 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (13′ 55″, 6 կէտ, 4 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Պիլալ Թապպարա (7′ 27″, 3 ռիպաունտ), Պատիհ Սուէյտ (20′ 47″, 8 կէտ, 3 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ) եւ Տուայն Ճեքսըն (40′ 00″, 32 կէտ, 16 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ):
Ինչ կը վերաբերի Պիպլոսի մարզիկներուն, ստորեւ անոնց նշանակած կէտերը.
Սթիւըն Պըրթ (35′ 56″, 19 կէտ), Ճէյ Եանկպլատ (33′ 06″, 9 կէտ) եւ Անտրէ Սմիթ (37′ 46″, 33 կէտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Փոլ Սքայեմ, Ռապիհ Մասրի եւ Ատել Խուէյրի:
Մրցումը տեւեց մէկուկէս ժամ:
Նշենք, որ Բ. խմբակին մաս կազմող Թատամոն իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց, երբ 81-63 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լուէյզին:
Երէկ մրցում տեղի չունեցաւ:
Այսօր` երկուշաբթի, Ա. խմբակին մէջ տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ:
Ռիատի Մանարայի մէջ կը հիւրընկալէ Մութթահետը, մինչ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ Հուփս` Սաժեսը:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 20:30-ին:


