Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 10 ապրիլին, ՀՄԸՄ կը մրցի Շեպիպեթ Մազրաայի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 13:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն ճիգ ի գործ դնել` արձանագրելու համար 2015-2016 տարեշրջանի առաջին յաղթանակը: