Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով` Չելսի յայտնեց, որ իտալացի Անթոնիօ Քոնթէ նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ: Ան 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց լոնտոնեան խումբին հետ:
Նշենք սակայն, որ այս տարեշրջանը պիտի ամբողջացնէ հոլանտացի մարզիչ Կուս Հիտինք:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Քոնթէ տարեկան պիտի գանձէ 6,5 միլիոն եւրօ: