Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի («ֆայնըլ-էյթ») դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 9 ապրիլին, ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:
Մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով անիկա այժմ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 20:30-ին` նկատի ունենալով, որ մրցումը պատկերասփռելու հարցը գոյութիւն ունի:
Մրցումին ժամը փոխելէ բացի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը մէկ մրցումով կախակայեց ՀՄԸՄ-ը, որ իր այս մրցումը պիտի կատարէ դռնփակ, առանց իր համակիրներուն:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել` Բ. խմբակի պարագլուխի դիրքին վրայ մնալու համար:
Նշենք, որ նոյն խմբակին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Թատամոն «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ պիտի հիւրընկալէ Լուէյզին:
Նշենք, որ երէկ Ա. խմբակին մէջ տեղի ունեցան երկու մրցումներ:
Սաժես, որ Ղազիրի մէջ հիւրընկալեց Ռիատին, 88-82 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ Թրիփոլիի մէջ Մութթահետ 68-54 արդիւնքով յաղթեց Հուփսին: