
Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք), հովանաւորութեամբ` Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց 2015-ի մրցանակակիրները:
Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան:
Կարեւոր անձնաւորութիւններու եւ հիւրերու ներկայութեան, տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու տիտղոսակիրները իրենց մրցանակները ստացան ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանէն, Ժան Համմամէն եւ այլ անձերէ: