Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 9 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Թատամոն Սուրը:
Բնականաբար, ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ իր մրցակիցէն խլելու մրցումին երեք կէտերը` իր կողքին ունենալով իր համակիրները, որոնք ուղղուելով դաշտ պիտի քաջալերեն իրենց կազմը: