Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սփորթինկ Լիզպոն, որ հիւրընկալեց Մարիթիմոն, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մինչ Սփորթինկ 3-0 արդիւնքով կը յառաջանար, մրցումին 80-րդ վայրկեանին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 28 տարեկան միջնապահ Գէորգ Ղազարեան նշանակեց իր կազմին միակ կոլը:
Նշենք, որ ան դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին:
Սփորթինկ այժմ 71 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` 2 կէտով ետ մնալով Պենֆիքայէն, մինչ Մարիթիմօ 32 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը: