
Հակառակ անոր որ նախապէս յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը պիտի չմասնակցի Թուրքիոյ Սամսոն քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական երկիրներու ողիմպիական վարկանշային մրցաշարքին, սակայն երէկ Հայաստանի հաւաքականը մեկնեցաւ Թուրքիա` մասնակցելու համար վերոնշեալ մրցաշարքին:
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Սամսոնի մէջ հայկական պատուիրակութեան պիտի հսկեն անվտանգութեան 2 աշխատակիցներ` նկատի ունենալով, որ մարզիկներուն տարազին վրայ գրուած է «Արմինիըն Պոքսինկ Թիմ» եւ կրնայ որեւէ հարց ծագիլ:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը եւ մարզիկները կշռելու արարողութիւնը:
ArmSport.am իր այս լուրը եզրափակեց նշելով, որ Հայաստանի հաւաքականը Սամսոն մեկնեցաւ 10 մարզիկով:


