«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումին ծիրին մէջ, Պայէրն Միւնիխ, որ Մատրիտի մէջ հիւրը եղաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին, 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ դաշտին տիրոջմէն:
Աւելի քան 52 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Սաուլ Նիկես նշանակեց մրցումին միակ կոլը` 11-րդ վայրկեանին:
«Էսթատիօ Վիչենթէ Քալտերոն»-ի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին գլխաւոր իրաւարարն էր անգլիացի Մարք Քլաթենպըրկ:
Նշենք, որ կիսաւարտականի դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան 3 եւ 4 մայիսին: