
Լիթուանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումներուն, Թրաքայ 1-0 արդիւնքով յաղթեց հիւրընկալ կազմին` Սուտովային:
Նկատի ունենալով, որ Թրաքայ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթած էր, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Դարձի այս մրցումին, Թրաքայի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:


