Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի «ֆայնըլ-էյթ»-ի (փլէյ-օֆ) չորրորդ մրցումը` Հուփսի եւ ՀՄԸՄ-ի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, առաջին երկու մրցումները աւարտեցան Հուփսի յաղթանակով, իսկ երրորդը` ՀՄԸՄ-ի:
Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն համար սխալիլը արգիլուած էր` նկատի ունենալով, որ եթէ Հուփս իր երրորդ յաղթանակը արձանագրէր, ՀՄԸՄ դուրս պիտի մնար մրցաշարքէն:
Սակայն ՀՄԸՄ Հուփսին պարտադրեց հինգերորդ մրցումը, երբ երէկուան մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց` 80-69 արդիւնքով (19-22, 39-43, 53-60 եւ 69-80), արդիւնքը հաւասարեցնելէ ետք 2-2:
Յաղթանակէն բացի ՀՄԸՄ-ի համար այլընտրանք չկար, այդպէս ալ պատահեցաւ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բացառիկ մրցում մը ներկայացնելով յաջողեցան իրենք զիրենք պարտադրել դաշտին տիրոջ վրայ եւ տանիլ փայլուն յաղթանակ մը:
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներն ալ անխտիր յաջողեցան տպաւորիչ խաղարկութիւն ունենալ եւ մրցումը աւարտել 11 կէտի առաւելութեամբ:
Բացառիկ ներկայացում ունեցան Ահմետ Իպրահիմ եւ Նետիմ Սուէյտ, որոնք յաջորդաբար նշանակեցին 28 կէտ (7 թրի փոյնթ` 15 փորձերէ ետք) եւ 25 կէտ (4 թրի փոյնթ` 7 փորձերէ ետք):
Հուփսէն Տուայն Տէյվիս նշանակեց 27 կէտ (3 թրի փոյնթ` 11 փորձերէ ետք):
ՀՄԸՄ 28 թրի փոյնթերէն 12-ը հասցուց իրենց նպատակին (42.9 տոկոս), մինչ Հուփս` 25-էն 7-ը (28 տոկոս):
ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 38 ռիպաունտ, մինչ Հուփս` 32:
ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 20, իսկ Հուփսինը` 15:
Մրցումին լաւագոյն էսիսթ կատարողը եղաւ ՀՄԸՄ-ի նորեկ մարզիկ Քեւին Կալըուէյ (7): Ան նշանակեց 7 կէտ եւ 9 ռիպաունտ, մինչ Նորվել Փել` 9 կէտ եւ 10 ռիպաունտ:
Մրցումը տեւեց 1 ժամ 41 վայրկեան:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նըժէյմ, Փօլ Սքայեմ եւ Ժորժ Սաատ:
Երկու կազմերուն միջեւ հինգերորդ եւ ճակատագրական վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 1 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Յաղթական խումբը «ֆայնըլ ֆոր»-ին իր դէմ պիտի ունենայ Ռիատին:
Այսօր` հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Սաժես առանց համակիրներու կը հիւրընկալէ Թատամոնը:
Յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, Սաժես կ՛ապահովէ «ֆայնըլ-ֆոր»-ի իր տոմսը: