«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր Սիթի – Ռէալ Մատրիտ մրցումը, որ աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ` 52 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Այսօր, ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Պայէրն Միւնիխ հիւրը պիտի ըլլայ Աթլեթիքօ Մատրիտի:


