
Իտալական Փիցայի մարզիչ Կենարօ Կաթուզօ իրաւարարին հասցէին ուղղած իր վիրաւորական խօսքերուն համար Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը կախակայուեցաւ (3 մրցումով):
Փոնթեթերէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (1-1), 38 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը այս մրցումը շարունակեց դաշտին թրիպիւնէն, երբ իրաւարարին կողմէ դաշտէն վտարուեցաւ:
Ներկայիս Փիցա իտալական Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, կը գրաւէ 2-րդ դիրքը եւ կը մասնակցի Բ. դասակարգի տոմս մը ապահովելու համար տեղի ունեցող փլէյ-օֆի մրցումներուն:


