
«Պիլտ» կը տեղեկացնէ, որ Պայէրն Միւնիխ կը շարունակէ ամէն ճիգ ի գործ դնել` ձեռք ձգելու համար Պորուսիա Տորթմունտի յետսապահ Մաթց Հիւմելսի ստորագրութիւնը:
Իր ֆութպոլիստը ազատ կացուցելու համար Տորթմունտ յայտնեց, որ անոր հրաժարագինն է 38 միլիոն եւրօ:
Նախապէս 27 տարեկան գերմանացին Պայէրնի պատասխանատուներուն տեղեկացուցած էր, որ կը մտածէ այլ խումբի մը մասին:
Նշենք, որ Պայէրն Հիւմելսի համար տարեկան 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձով պայմանագրութիւն մը կ՛առաջարկէ:


