Ֆրանսախօս երկիրներու փինկ փոնկի առաջին ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Պելճիքայի մէջ, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան:
21 տարեկանէն վար (տղաք եւ աղջիկներ) այս ախոյեանութեան, Լիբանան իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաջորդաբար յաղթեց Պելճիքայի եւ Անտորրայի, երկուքն ալ` 2-0 արդիւնքով:
Լիբանանի կազմին մէջ են` Մալեք Խուրի եւ Մոհամետ Համիէ:
Նշենք, որ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախկին նախագահ` Միշել Տը Շատարեւեան, ներկայիս ֆրանսախօս երկիրներու փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախագահն է: