
Մոնկոլիոյ մէջ արդէն իսկ տեղի կ՛ունենայ ըմբշամարտի ողիմպիականի վարկանիշային մրցաշարքը:
85 քկ դասակարգի մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչը` Մաքսիմ Մանուկեան, յաջորդական իր երկու յաղթանակներուն շնորհիւ հասաւ քառորդ աւարտական, ապա` կիսաւարտական:
Այս արգելքներն ալ շրջանցելով, ան հասաւ աւարտական հանգրուան: Այս մէկը կը նշանակէ, որ Մանուկեան ապահովեց «Ռիօ-2016»-ի ողիմպիականին իր տոմսը:
Ռոման Ամոյեան սակայն (59 քկ), զտումի մրցումներուն պարտութիւն կրեց իրանցի իր մրցակիցէն:

Արսէն Ջուլֆալակեան (75 քկ), որ քանի մը յաղթանակ արձանագրեց, իրաւունք ստացաւ պրոնզէ մետալի համար պայքարիլ ռումանացի իր մրցակիցին դէմ, ապա պայքարիլ` 3-րդ դիրքին համար: