Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ` 80-59

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 30 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը: Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն յաղթանակով` 80-59 արդիւնքով (21-12, 22-12, 24-14 եւ 13-21): ՀՄԸՄ Անթիլիասի կէտերը նշանակեցին Այտա Պախոս (20), Նաթալի Սվաճեան (19), Լէյլա Ֆարես (12), Սանտրա Նաժըմ (11),...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պատմական Իրագործում Մը Արձանագրեց` Առաջին Անգամ Ըլլալով Ապահովելով «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պատմական Իրագործում Մը Արձանագրեց` Առաջին Անգամ Ըլլալով Ապահովելով «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի փլէյ-օֆի ճակատումները, երբ տեղի ունեցան Մութթահետ - Պիպլոս եւ ՀՄԸՄ - Հուփս ճակատագրական հինգերորդ մրցումները: Մութթահետ 70-51 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը, ուր կը ճակատի Սաժեսի դէմ: Ինչ կը վերաբերի երկրորդ ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ 71-68 արդիւնքով յաղթանակ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Աթլեթիքօ Մատրիտի յաղթական մարզիկները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի դարձի ճակատումը, որ երէկ գիշեր իրարու դէմ հանեց Պայէրն Միւնիխը եւ Աթլեթիքօ Մատրիտը, անբախտ օր մը եղաւ հիւրընկալ կազմին համար` նկատի ունենալով, որ անիկա դուրս մնաց մրցաշարքէն: Հակառակ անոր որ Պայէրն 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին, որովհետեւ երթին Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:...

Ֆորմիւլա-1. Ռոզպըրկ Արձանագրեց Իր 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

«Մերսետես»-ի գերմանացի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկ նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Ռուսիոյ կրան փրիի «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան հանդիսացաւ առաջին: Ռոզպըրկ, որ այսպիսով արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը (նախորդ տարի ան արձանագրեց երեք յաջորդական յաղթանակ), ապահովեց տարեշրջանի իր 100-րդ կէտը` 43 կէտի առաւելութեամբ գերազանցելով իր խմբակիցը` անգլիացի Լուիս Հեմիլթընը, որ Ռուսիոյ մէջ գրաւեց 2-րդ դիրքը: Վերջինս փոլ-փոզիշընի մրցումներուն գրաւեց...

Քրոս-Քաունթրի` Խրէյպի Գիւղին Մէջ. Լեւոն Թաշճեան` Առաջին

Հովանաւորութեամբ Ահըլ Հապայեպ ակումբին եւ կազմակերպութեամբ Համմանայի գիւղերէն Խրէյպի, կիրակի, 1 մայիսին, յոյն ուղղափառ համայնքի Ս. Զատկուան տօնին առիթով տեղի ունեցաւ «Քրոս-Քաունթրի»-ի 7 քմ վազքի մրցում մը` մասնակցութեամբ աւելի քան 500 երկսեռ վազողներու: Լեւոն Թաշճեան, որ մրցումին կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը, իր տարիքային խմբաւորման մէջ (40 տարեկան եւ վեր) հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 36 վայրկեան արդիւնք մը: Աւարտին ան իր մրցանակը...

Սենիկ Սերոբեան` Խուլերու Ըմբշամարտի Աշխարհի Ախոյեան

Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ կը շարունակուի խուլերու ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 50 քկ դասակարգին մասնակցող Սենիկ Սերոբեան Հայաստանին ապահովեց ոսկի մետալ մը, երբ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Դարձեալ այս ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 74 քկ դասակարգին մէջ Արարատ Սարգսեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր: Այս ախոյեանութիւնը, որ սկսաւ 1 մայիսին, կ՛աւարտի 9 մայիսին:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Մասին. Լայսթըր Սիթի Եւ Եուվենթուս Հանդիսացան Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն լոյսին տակ, յստակացան Անգլիոյ եւ Իտալիոյ ախոյեանները: Օգտուելով Չելսի - Թոթենհամ մրցումին արդիւնքէն (2-2)` պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լայսթըր Սիթի հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան` առանց սպասելու վերջին երկու հանգրուանի մրցումներուն: Իտալիոյ մէջ, Եուվենթուս յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քարփիի: Սպանիոյ մէջ, կացութիւնը կը շարունակէ մնալ անորոշ` նկատի ունենալով,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 30 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը: Այս հանդիպումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, իսկ մարզիկներէն` տպաւորիչ մրցում մը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Հուփս Ճակատագրական Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումները կ՛աւարտին վաղը` կիրակի, 1 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, երբ ՀՄԸՄ-ի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հուփսը: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ «ֆայնըլ-էյթ»-ի նախավերջին մրցումին, այսօր` շաբաթ, 30 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին, Մութթահետ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: ՀՄԸՄ - Հուփս մրցումին նման վերոնշեալ ճակատումին...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Պայէրն Միւնիխ Այսօր Կրնայ Ախոյեան Հռչակուիլ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումները պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական եւ տաք, մանաւանդ այն խումբերուն համար, որոնք կը պայքարին ախոյեանութեան տիտղոսին համար, կամ ալ Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ են: Պայէրն Միւնիխ այսօր կրնայ Գերմանիոյ ախոյեան հռչակուիլ, եթէ յաղթէ իր հիւրին` Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին: Իտալիոյ մէջ, Եուվենթուս նախորդ շաբաթավերջին տիտղոսին տիրացաւ, մինչ Ֆրանսայի մէջ Փարիզ Սեն...

Ճատրակ. Արոնեան Յաղթեց Աշխարհի Գործող Ախոյեանին

Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող, Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 8-րդ հանգրուանին բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ պարտութեան մատնեց աշխարհի գործող ախոյեանը` նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընը: Այսպիսով, Արոնեան արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը: 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, այժմ Արոնեան 5 կէտով պարագլուխի դիրքը կը բաժնէ նոյնինքն Քարլսընի հետ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

Մխիթարեան Ընդգրկուեցաւ ՖԻՖԱ-16-ի Շաբթուան Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

«Ի. Էյ. Սփորթս» ներկայացուց ՖԻՖԱ-16-ի համակարգչային խաղին շաբթուան խորհրդանշական հաւաքականը: Խորհրդանշական այդ հաւաքականին մէջ ընդգրկուեցաւ նաեւ Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 27 տարեկան միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Նշենք, որ Շթութկարթի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի 31-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ան դարձաւ կոլի եւ կոլային փոխանցման հեղինակ: Այլ գետնի վրայ, «Պունտըսլիկա»-ի պաշտօնական կայքը Մխիթարեանի մասին պատրաստած է յատուկ նիւթ մը, ուր...

Քլոզը Կ՛ուզէ Վերադառնալ Գերմանիա

Իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ»-ի համաձայն, Լացիօ Ռոմայի յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը կը փափաքի լքել իր կազմը, որովհետեւ կ՛ուզէ վերադառնալ Գերմանիա, ուր անցեալին ելոյթ ունեցած է Քայզըրսլաութըրնի, Վերտըր Պրեմընի եւ Պայէրն Միւնիխի հետ: 37 տարեկան յառաջապահով հետաքրքրուած են շարք մը ակումբներ, որոնց կարգին` Քայզըրսլաութըրն: «Քալչիօ»-ի 2015-2016 տարեշրջանին ան մասնակցեցաւ 21 մրցումի` նշանակելով 4 կոլ եւ դառնալով 7 կոլային փոխանցման հեղինակ:  

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Օպամեյանկը

Goal.com կայքը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու Պուրուսիա Տորթմունտի վտանգաւոր յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկը: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Կապոնի ֆութպոլի ազգային խումբի 26 տարեկան յառաջապահին համար Մանչեսթըր համաձայն է վճարել 70 միլիոն փաունտ: Ան այս տարեշրջանին 45 մրցումի ընթացքին նշանակած է 37 կոլ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Ապահովեց «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Իր Տոմսը

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ղազիրի դաշտին վրայ դռնփակ, առանց համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Սաժես - Թատամոն չորրորդ մրցումը: Սաժես յաղթանակի մը կարիքը ունէր ապահովելու համար «ֆայնըլ-ֆոր»-ի իր տոմսը, որովհետեւ 2-1 արդիւնքով կը վերազանցէր Թատամոնը: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ Սաժես 86-84 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին (22-22, 37-42, 56-61 եւ 86-84): Մրցումին...

Ճատրակ. Արոնեանի Առաջին Յաղթանակը

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ Սթավակների մէջ (Նորվեկիա) իր մասնակցութիւնը կը բերէ Նորվեկիա-2016-ի ճատրակի գերմրցաշարքին, ի վերջոյ յաջողեցաւ արձանագրել իր առաջին յաղթանակը` յաջորդական վեց հաւասարութիւններէ ետք: 7-րդ հանգրուանին իր կատարած այս մրցումին, Արոնեան յաղթեց Ուքրանիան ներկայացնող Փաւել Էլիանովին: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Արոնեան իր տրամադրութեան տակ ունի 4 կէտ:  

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-Օֆ. Գործող Ախոյեանը Արձանագրեց Իր Չորրորդ Յաղթանակը Եւ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, արձանագրելով իր չորրորդ յաղթանակը եւ 4-1 արդիւնքով գերազանցելով Հիուսթըն Ռոքեթցը, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Երէկուան այս մրցումին, Ուորիըրզ արձանագրեց 114-81 արդիւնքով յաղթանակ մը` իր դաշտին վրայ: Նշենք, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով Ուորիըրզի մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի իր կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ միայն առաջին եւ չորրորդ մրցումին:...

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը` Չորեքշաբթի, 4 Մայիսին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ չորեքշաբթի, 4 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը` Բանանցի եւ Միքայի միջեւ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով, տեղի պիտի ունենայ հանրապետական մարզադաշտին վրայ: Բանանց Հայաստանի անկախութեան այս տիտղոսին տիրացած է 2 անգամ (1992-ին եւ 2007-ին), իսկ Միքա` 6 անգամ (2000, 2001, 2003, 2005, 2006 եւ...

Ռիօ-2016. Ամերիկացիներուն Կարծիքով` Հայաստան Պիտի Տիրանայ 3 Մետալի

Ամերիկեան «Կրէյսնոթ» ընկերութիւնը մանրամասն վերլուծումը կատարած է օգոստոսին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունենալիք Ամառնային ողիմպիական խաղերուն վերաբերեալ` փորձելով կանխատեսել, թէ ո՛ր երկիրները որքա՛ն մետալի պիտի տիրանան: Ամերիկացիներուն կարծիքով` Հայաստան մետալներու վերջնական դասաւորման մէջ պիտի գրաւէ 44-րդ դիրքը` 3 մետալով (1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ): «Կրէյսնոթ»-ի համաձայն, Հայաստանի համար ոսկի մետալը ապահովողը պիտի հանդիսանայ 98 քկ դասակարգի...

Սիմէոնէ 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Մալակայի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումին կարմիր քարտ մը ստացաւ եւ դաշտէն վտարուեցաւ, 3 մրցումով կախակայուեցաւ: Մալակայի վտանգաւոր մէկ յարձակումին ընթացքին, Սիմէոնէ դաշտին եզրին գնդակ մատակարարող տղուն նշան ըրած էր, որ երկրորդ գնդակը նետէ խաղադաշտ: Աթլեթիքօ պնդեց, որ այդ տղեկը ինքնիրմէ նետած...

Page 1108 of 1276 1 … 1,107 1,108 1,109 … 1,276

Արխիւներ