Մոնկոլիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքի ազատ ոճի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի նորեկը` Գէորգի Քեթոյեւ, 97 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ ոսկի մետալին:
Ան աւարտականին 4-3 արդիւնքով յաղթեց Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչին: Գօտեմարտին ընթացքին Գէորգի Քեթոյեւ, որ կը պարտուէր 3-0 արդիւնքով, հետզհետէ բարելաւեց իր խաղարկութիւնը եւ եղաւ վերջնական յաղթականը:
Նշենք, որ վերջերս Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած ըմբիշը արդէն իսկ ապահոված էր ողիմպիականի իր տոմսը` աւարտական հանգրուան հասած ըլլալուն շնորհիւ:
Սակայն Հայաստանի այլ ներկայացուցիչները` Դաւիթ Սաֆարեան (65 քկ), Գրիգոր Գրիգորեան (74 քկ) եւ Շամիր Աթեան (86 քկ), չյաջողեցան Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու տոմս ապահովել: