Ռուսական Քուպան ֆութպոլի խումբը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց, որ գլխաւոր մարզիչ Սերկէյ Թաշուեւ հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն:
Այժմ գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնները պիտի կատարէ քրասնոտարեան ակումբին մարզիչներու խմբակին մաս կազմող հայ մասնագէտ Արսէն Պապիկեան, յայտնեց ArmSport.am:
Նշենլ, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն 5 հանգրուան առաջ, Քուպան կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը` մէկ կէտով միայն հեռու մնալով վտանգաւոր դիրքէն:
Հայկական աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Թաշուեւ իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ տարի` 17 սեպտեմբերին: