
«Մարքա» պարբերաթերթը կը յայտնէ, որ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը շատ մօտէն հետաքրքրուած է եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու Պարսելոնայի միջնապահ Սերճիօ Պուսքեցը:
Կը հաղորդուի, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար մայրաքաղաքի կազմը Պարսային առաջարկած է 100 միլիոն եւրօ:
Իսկ անոր իբրեւ տարեկան աշխատավարձ Սեն Ժերմեն պատրաստ է վճարելու 16 միլիոն եւրօ:


