Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Հուփս` 91-58. Այսօր` 4-րդ Մրցումը

April 27, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՄԸՄ-ի կազմը վերջին մրցումին PROFOTO
ՀՄԸՄ-ի կազմը վերջին մրցումին
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ (փլէյ-օֆ), այսօր` չորեքշաբթի, 27 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հուփս-ՀՄԸՄ չորրորդ մրցումը:

Հուփս առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրելէ ետք, երրորդին, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, 33 կէտի տարբերութեամբ` 91-58 արդիւնքով (25-16, 50-31, 71-46 եւ 91-58) բաւական ծանր պարտութիւն մը կրեց դաշտին տիրոջմէն` ՀՄԸՄ-էն, մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրներու ներկայութեան: Վերջիններս ամբողջ մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց կազմը:

Այս մրցումին ՀՄԸՄ դաշտ ներկայացաւ իր նորեկ մարզիկով` Քեւին Կալըուէյով, որ փոխարինեց Ճասթին Թապզը:

Կալըուէյ, որ դաշտ ներկայացաւ 27′ 00″, բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարեց եւ ներկաներուն մօտ բաւական լաւ տպաւորութիւն ձգեց:

Պէտք է ըսել, որ բաղդատմամբ նախորդ երկու մրցումներուն, երրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ բաւական ներդաշնակութիւն կար եւ խմբային խաղարկութիւնը եղաւ 100 առ հարիւր զգալի:

Կ՛ակնկալուի, որ չորրորդ եւ հինգերորդ մրցումներուն եւս նոյն ընթացքը շարունակուի եւ ՀՄԸՄ ապահովէ «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը:

Հուփս եւս իր կազմին մէջ կատարած էր փոփոխութիւն մը, եւ Տուայն Տէյվիս փոխարինած էր վիրաւոր Անթուան Պարպուրը:

Նախանցեալ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ կէտերու տարբերութիւնը յաջողեցաւ բարձրացնել մինչեւ 37 կէտի (91-54): ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 41 ռիպաունտ, մինչ Հուփս` 24:

Նշանակուած թրի փոյնթերը եղան գրեթէ հաւասար. 24-էն 7-ը` ՀՄԸՄ, 25-էն 7-ը` Հուփս:

ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 14, իսկ Հուփսինները` 15:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ահմետ Իպրահիմ (21), ապա յաջորդաբար` Տուայն Ճեքսըն (20), Նետիմ Սուէյտ (18), Քեւին Կալըուէյ (12), Նորվել Փել (11 կէտ, 15 ռիպաունտ):

Իսկ Հուփսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Տէյվիս (25):

Սաժես Թատամոնի դէմ տեղի ունեցած 3-րդ մրցումին 100-75 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 2-1 արդիւնքով կը յառաջանայ:

Նշենք, սակայն, որ Սաժես Թատամոնի դէմ իր մրցումը վաղը պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով այս մրցումը պիտի ըլլայ դռնփակ, որովհետեւ նախանցեալ ուրբաթ օր անոր համակիրները Ղազիրի մէջ հարցեր ստեղծեցին դաշտին վրայ` Թատամոնէն իրենց կազմին կրած պարտութենէն ետք:

Նշենք, որ երէկ գիշեր Ռիատի հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը, երբ Լուէյզիի դէմ տեղի ունեցած 4-րդ մրցումին 76-56 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3-1 արդիւնքով գերազանցեց զայն:

Իսկ երէկուան երկրորդ մրցումին, Պիպլոս, որ հիւրընկալեց Մութթահետը, 72-60 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով պարտադրեց հինգերորդ եւ ճակատագրական մրցումը:

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականի Նորեկը Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Յաջորդը

Լեւոն Թաշճեան Վազեց Բոլոր Հայ Նահատակներու Յիշատակին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

October 30, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 200-րդ  Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 200-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

October 30, 2026
Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ  Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի
Մարզական

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն. Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.