Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքը կազմակերպող յանձնախումբը յայտարարեց, որ տեղի ունենալիք այս 26-րդ աւանդական մրցաշարքին թուականը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախապէս հրապարակուած թուականներուն (13-20 հոկտեմբեր) տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութիւնը:
Նոր թուականին հիմամբ անիկա տեղի պիտի ունենայ 24-31 հոկտեմբերին:


