
Ֆրանսական Մարսէյ ֆութպոլի ակումբի նախկին մարզիչ Մարսելօ Պիելսա մինչեւ շաբաթավերջ պիտի ստանձնէ իտալական Լացիօ Ռոմայի գլխաւոր մարզիչի իր պաշտօնը, այս մասին կը հաղորդէ իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ» թերթը:
Կ՛ըսուի, որ արժանթինցին 2 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իտալական կազմին հետ:
Շատ հաւանաբար Պիելսայի աշխատավարձը կազմէ 6 միլիոն եւրօ:


