
Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայ մարզիկներուն թիւը մէկով մը աւելցաւ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի 29-րդ մասնակցողն է Հայաստանի հրացանաձգութեան հաւաքականի անդամ Հրաչ Բաբայեան, որ խաղերուն կը մասնակցի յատուկ հրաւէրով (Ճերմակ քարտ):
20 տարեկան Բաբայեան Պաքուի մէջ տեղի ունեցած եւրոպական առաջին խաղերուն հաստատեց Եւրոպայի երիտասարդական մրցանիշ:
Իսկ Նանճինկի պատանեկան երկրորդ ողիմպիական խաղերուն ան հանդիսացաւ փոխախոյեան:


