«էն.Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի եւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ:
Նախքան մրցումը, Ուորիըրզ կը գերազանցէր իր մրցակիցը 3-1 արդիւնքով: Հետեւաբար, յաղթանակի մը պարագային անիկա պիտի հանդիսանար 2015-2016 տարեշրջանի «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան:
Սակայն Քաւալիրզ արգելք հանդիսացաւ Ուորիըրզի ախոյեան հանդիսանալուն եւ 112-97 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով արդիւնքը կրճատեց 3-2-ի:
Իրենց կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իրենց կարեւոր եւ շինիչ դերը ունեցան Լեպրըն Ճէյմս եւ Քայրի Ըրվինկ, որոնք նշանակեցին 41-ական կէտ:
Ճէյմս ձեռք ձգեց նաեւ 16 ռիպաունտ եւ կատարեց 7 էսիսթ:
Կը նշուի, որ աւարտականի ճակատումներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով է, որ երկու խմբակիցներ կը նշանակեն աւելի քան 40-ական կէտ:
Երկու խումբերուն միջեւ 6-րդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ օր` Քլիվլենտի մէջ: