
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար պասքեթպոլի երիտասարդական հաւաքականը կը նախապատրաստուի յուլիսին Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Պելճիքայի մարզիչ Թիպօ Փեթի 12 մարզիկ հրաւիրեց ազգային հաւաքական` պատրաստուելու համար այս հաւաքին:
Հաւաքականին մաս կը կազմեն` Ռիչըրտ Էլմոյեան (Միացեալ Նահանգներու մէջ ելոյթ ունեցող), Գաբրիէլ Աճէմեան, Կարէն Չիւիչեան, Մաթիու Մատոյեան, Գրիգոր Գուրտողլեան, Արամ Արսլանեան, Ռուսիոյ մէջ հանդէս եկող Էտկար Բաբայեան, Քիրիլ Յարութիւնեան, Ռաֆիկ Ուզունեան, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն եկած Միհրան Ներսէս: Աւելի ուշ հաւաքականին պիտի միանան Փէոթր Ստեփանեանց եւ Սթիւըն Էնոչ: Վերջինս հաւաքականին միակ օտարականն է:
Հայրենի կազմին հաւաքը կ՛աւարտի 13 յուլիսին: Ախոյեանութիւնը կը սկսի 15 յուլիսին:


