
Կիրակի, 12 յունիս 2016-ին, Պուտտա ակումբին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի ախոյեանութեան Քինտա մարզախաղի 6-11 տարեկան դասակարգի մրցումները, որոնց մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի քոնկ ֆու-ուու շուի դպրոցի մարզիկները` մարզիչ Սթիւ Ապաճեանի գլխաւորութեամբ:
Առաջին հանդիսացաւ Լոռի Պզտիկեան, երկրորդ` Սարհատ Քիւչիւկեան, իսկ երրորդ` Յակոբ Թերզեան:
Նախապէս` 5 յունիս 2016-ին, Քֆարզեպեանի մէջ տեղի ունեցան նոյն մարզախաղի Լիբանանի 11-17 տարեկան դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները: ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղէն երկրորդ հանդիսացան Սոնա Մարիա Թաշճեան եւ Կարպիս Փափազեան, իսկ երրորդ` Վարդան Ժեմմօ:
Վարձքը կատար բոլորին` մարզիչին, ծնողներուն եւ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, որոնք կը ստեղծեն այս միջավայրը եւ կը պահպանեն մարզական եւ միութենական առողջ մթնոլորտը:


