
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, Մէյրուպա – Սանթրալ առաջին ճակատումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 79-60 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Մէյրուպա 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Սանթրալը:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը
20:00-ին, Սանթրալի դաշտին վրայ:
Այս առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք)` ներկայութեամբ Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարի, փոխնախագահ Ֆարես Մտաուարի եւ այլ անձերու:
Կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին իրարու դէմ կը մրցին Ահիա Ռիատա եւ Ամալ Պիքֆայա:
Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:


