Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ հայրենի կռփամարտիկները աւարտեցին իրենց ելոյթները` Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Անափայի մէջ:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող 9 մարզիկներէն 4-ը տիրացան մետալներու:
Գերծանր կշիռին մէջ Գուրգէն Յովհաննիսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` աւարտականին պարտուելով Ռուսիոյ ներկայացուցիչէն:
Իսկ պրոնզ մետալներու տիրացան Արսէն Աբգարեան (49 քկ), Ժորժիկ Մարութեան (56 քկ) եւ Գուրգէն Մատոյեան (69 քկ):