
Գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթին համաձայն, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը կը շարունակէ ջանք չխնայել` ձեռք ձգելու համար Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:
Մանչեսթըրի նոր մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիօ կը հաւատայ, որ 27 տարեկան միջնապահին «Օլտ Թրեֆորտ» գալը պիտի զօրացնէ խումբին կեդրոնը:
Ներկայ դրութեամբ, Մանչեսթըր Մխիթարեանի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար պատրաստ է վճարելու 24 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ անոր կ՛առաջարկէ տարեկան 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Նշենք, որ Տորթմունտի հետ հայ ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2016-2017 տարեշրջանին աւարտին, որմէ ետք ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ:


