
«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան եօթներորդ ճակատումին միայն պիտի յստականայ 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանին անունը` նկատի ունենալով, որ Քլիվլենտ Քաւալիրզ 115-101 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հաւասարեցուց արդիւնքը (3-3) եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին պարտադրեց եօթներորդ եւ ճակատագրական վերջին մրցումը:
Քաւալիրզի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր եւ մեծ դերը ունեցաւ Լեպրըն Ճէյմս, որ նշանակեց 41 կէտ, 8 ռիպաունտ, 11 էսիսթ, 4 սթիլզ եւ 3 պլոք:
Ուորիըրզի մարզիկ Սթեֆըն Քարի, նշանակեց 30 կէտ, դեկտեմբեր 2013-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով ֆաուլ-աութ կատարելով մրցումը չամբողջացուց:
Նշենք, որ ան 13 թրի փոյնթերէն 6-ը հասցուց իրենց նպատակին:
Վերջին մրցումին յաղթանակ արձանագրելով` Ուորիըրզ տիտղոսը պիտի յաջողի՞ պահել իր մօտ, թէ Քաւալիրզ ինք պիտի ըլլայ նոր ախոյեանը:


