Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի ճակատումներուն շրջագիծին մէջ, Ամալ Պիքֆայա 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Ահիա Ռիատան, երբ Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք) 74-53 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
Անոնցմէ յաղթական դուրս եկող կազմը աւարտականին պիտի ճակատի Մէյրուպա-Սանթրալ մրցումին յաղթականին դէմ:


