Հայաստանի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականի անդամ Տիգրան Մնացականեան (74 քկ) Հայաստանին ապահովեց պրոնզէ մետալ մը, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումներուն:
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Մնացականեան պրոնզ մետալին տիրացաւ յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին` Ֆազի Հիւսէյն Էրիլմազին, 5-2 արդիւնքով: