Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը հասաւ Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւ:
Հայրենի կազմը Մոլտովայի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Տիգրան Կէօքճեան: