Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք բոլորն ալ տեղի կ՛ունենան վաղը` կիրակի, 26 յունիսին, իրարու դէմ յանդիման կու գան ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին: